2010-08-05 11:53:24

Իտալիոյ Եպիսկոպոսական Դասի Եւ Գարիդաս` Բարեսիրական Մարմնին Օգնութիւնը Փաքիստանի Ջրհեղեղի Զոհերուն։


Փաքիստանի հիւսիսային մասը ողբերգական կացութեան մէջ կը գտնուի ջրհեղեղի պատճառաւ, ուր ցայժմ աւելի քան 1400 հոգիներ զոհ գացած են եւ տասնեակ հազարաւոր մարդիկ արտահան եւ անօճախ մնացած են։ Միջազգային հասարակութիւնը զօրաշարժի մէջ է, օգնութեան հասնելու՝ աղէտեալներուն, սակայն ջրհեղեղի վայրը գրեթէ անմատչելի է։ Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասը մէկ միլիոն եւրօ տրամադրած է որպէս շտապ օգնութիւն աղէտեալ բնակչութեան։ Գարիթաս` բարեսիրական մարմինը իր կարգին կ'աշխատի փրկել աւելի քան 30 հազար անօճախները, որոնք կրնան զոհ դառնալ համաճարակի։








All the contents on this site are copyrighted ©.